2016-04-29 09:00:00

Փարիզ. Նոթր-Տամի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Սուրբ Պատարագը։


Ապրիլ 24, ժամը 16-ին, Փարիզի Նոթր-Տամի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ 0սմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առթիւ՝ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման հայկական ծէսով աւանդական պատարագը (52րդը, քանի այս աւանդութիւնը սկսած է 1965-ին):

Տաճարը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած հաւատացեալներու բազմութեան մէջ էին Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան, Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան: Թեմիս անդրանիկ առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան չէր կրցած ներկայ ըլլալ՝ մեկնած ըլլալով Հոլանտա:

Նախ, ֆրանսերէն եւ հայերէն քարոզեց Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովհաննէս Եպիսկ. Թէյրուզեան:

Ան իր քարոզին մէջ, ի մէջ այլոց ըսաւ. «…Անցաւ հարիւրամեակի թուականը ու ահա՛ 2016 տարին կը յառաջանայ արագընթաց։ Հարց կու տամ, թէ եկեղեցական ու քաղաքական ղեկավարները ի՞նչ կը խորհին այս օրերուն, որպէսզի երկրորդ հարիւրամեակը չանցնի նախորդին նման, ու դար մը ետք՝ մեր ապագայի սերունդները չարտասուեն աւերակներու վրայ։ Ի՞նչ ծրագրած են՝ ճնշումներ կատարելու համար ընդդէմ թուրք ղեկավարներուն, որպէսզի ճանչնան իրենց հայրերուն ձեռքերով գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում տան անիրաւուած հայ ժողովուրդին … Սփիւռքի Հայերս հրաւիրուած ենք հարց տալու մենք մեզի, 100-ամեակէն ետք՝ ի՞նչ. հրաւիրուած ենք նաեւ խիզախօրէն իրագործելու նպատակադրուած նախաձեռնութիւնները.

Ա. Միաւորել, նախ եւ առաջ, հայկական քաղաքական ու կրօնական գործօնները, միութիւններն ու համագաղութային տարողութեամբ օժտուած կազմակերպութիւնները, որպէսզի միակամ հետապնդեն Հայ Դատը՝ ընձեռելով անոր միջազգային ծաւալ ու բանաձեւում։

Բ. Միասնականութեամբ ուսումնասիրել անցնող 100 տարիներու ընթացքին կիրարկուած ձեռնարկները, ո՛չ միայն զանոնք զարգացնելու համար, այլեւ, երբեմնի սխալներու անտեսուած լուծումները սրբագրելու եւ փոխարինելու արդիւնաշատ միջոցառումներով։

Գ. Հեռու հատուածական ակնկալութիւններէ, հետամուտ ըլլալ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան հնարաւորութիւններուն, դիմագրաւելու համար Հայ Դատին մարտահրաւէրները։ Միաձայն խորհիլ, միասիրտ ծրագրել եւ աշխատիլ, ներկայանալու համար Ազգերու Ժողովին՝ պահանջատիրական նախադրեալներով։

Դ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտի համախմբել ու ամրապնդել իր ներքին ճակատները, որպէսզի առիթը ընձեռէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի իր նպաստը բերելու Հայ Դատին։

Ե. Սփիւռքահայութիւնը արդիւնաւէտ ըլլալու է՝ հիւրընկալ երկիրներուն մօտ բիւրեղացնելով Հայ Դատի ըմբռնումը, ցոյց տալով համայն աշխարհին, թէ Հայը մեծահոգի է ու հաւատարիմ, ի հեճուկս հայապահպանման ի նպաստ իր մղած պայքարին։

Զ. Դեռ աւելի խորապէս ճանչնալ թշնամիին նախաձեռնած սադրանքներն ու անոր դաշնակիցներուն նպատակադրած հեռանկարները։

Է. Կանչուած ենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու մեզ հովանաւորող պետութիւններուն հանդէպ՝ լիուլի համագործակցութեամբ, բարձր պահելով հանդերձ քրիստոնէական Հաւատքի եւ Ազգասիրութեան անբասիր հոգին։

Ը. Կրկնապատկել կրօնական ու Հայոց պատմութեան առընչուող հրատարակութիւններն ու երկասիրութիւնները, կիրառել հաղորդակցութեան բոլոր համակարգերը, ներկայացնելու համար համայն աշխարհին՝ երկար ժամանակ անթեղուած ու անտեսուած ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնն ու իսկութիւնը։

Թ. Անբաժան թող ըլլան եկեղեցին ու դպրոցը, որոնք պիտի ջամբեն երիտասարդ սերունդին այն հայրենասիրութիւնն ու աստուածասիրութիւնը, որոնց շնորհիւ Հայ Ազգը գոյատեւեց մինչեւ այսօր ու ծառացաւ որպէս անշրջանցելի պատուար՝ ընդդէմ ազգասպան ձուլումին։

Մարտիրոսներու Հայորդիներ, բիւրաւոր Հայ նահատակները ազգովին մեռան, որպէսզի մենք ապրինք՝ միակամ ու հզօր։

Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի Քրիստոսածին Հայ Եկեղեցին անսասան ապրի ու գոյատեւէ եւ հայ Ազգը խաղաղութեամբ ու բարօրութեամբ ապրի նոր եւ ազատ դարաշրջան մը։

Մեզի կը մնայ յաւերժացնել անոնց անսասան հաւատքը, անխախտ միութիւնն ու անսպառ նուիրումը՝ Ս. Պատարագի անմահական սնունդով, սուրբ Կոյսին մայրական գորովալիր բարեխօսութեամբ եւ բիւրաւոր նահատակներուն միջնորդութեամբ…»։

Ապա, Թէյրուզեան Եպիսկ. մատուցեց պատարագը, հայկական ծէսով: Երգեցողութիւնները կը կատարէր բազմանդամ երգչախումբը:

Այնուհետեւ, Էվրիի եպիսկոպոս Կի Հիւպէրլօ քարոզեց: Ան իր քարոզին մէջ բնականաբար մատնանշեց Հայոց մարտիրոսութիւնը, ապա յիշեց նաեւ անցեալ տարուան ոգեկոչումներուն առթիւ Փրանկիսկոս Պապին ցեղասպանութեան մասին խօսքը, Հայաստան նախատեսուած անոր այցը:

Աւետարանէն ընթերցումներ կատարեցին Վահան Եպիսկ. (հայերէն) եւ Վեր. Լեւոնեան (ֆրանսերէն):

Արարողութիւնը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Այս տարի, Նոթր-Տամի պատարագը եւ փարիզեան ցոյցը նախատեսուած էին ժամի չնչին տարբերութեամբ. կարելի չէր եղած խուսափիլ այդ անպատեհութենէն, քանի Փարիզի ցոյցը տեղի կ՚ունենար Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեան ներքեւ եւ հարկ էր յարմարիլ պետութեան կողմէ նախատեսուած արարողակարգին: Ատիկա ալ պատճառ դարձաւ, որ այս պատարագին մասնակցողներէն շատեր չկարենան հասնիլ ցոյցին:

 

Քաղուած «Նոր Յառաջ»-էն։








All the contents on this site are copyrighted ©.